Դասանիւթեր - 13 – 14 Տարեկան

Դերբայներ

Դերբայներ

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
❖ Ճանչնալ դերբայներն ու անոնց տեսակները։
❖ Դերբայներ գործածելով մտքեր արտայայտել եւ գրաւոր նախադասութիւններ կազմել։
❖ Նախադասութիւններուն մէջ ճանչնալ դերբայական դարձուածքները եւ կարենալ զանոնք վերածել ստորադաս նախադասութիւններու։

Կարդա >>
Գրաւոր Արտայայտութիւն

Գրաւոր Արտայայտութիւն

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
❖ Սահմանել իրողութիւն եւ կարծիք տեսակէտ յղացքները։
❖ Զատորոշել վերեւ նշուած երկու յղացքները։
❖ Հաւաստի աղբիւրներէ տեղեկութիւններ քաղել։
❖ Քննական մօտեցում ցուցաբերել որեւէ տեղեկութեան, որուն դէմ յանդիման կը գտնուի։
❖ Կարծիք արտայայտող գրութիւն մը շարադրել։

Կարդա >>
Արեգակնային Համակարգ Մոլորակները

Արեգակնային Համակարգ – Մոլորակները

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
❖ Սահմանել Արեգակնային համակարգը եւ թուել անոր բաղկացուցիչ տարրերը։
❖ Տալ այս նիւթի բանալի բառերուն հայերէն եզրերը։
❖ Արեգակնային դրութեան եւ անոր բաղադրիչ տարրերուն մասին տեսերիզ մը պատրաստել։

Կարդա >>
Հերոս-Հերոսութիւն.

Հերոս-Հերոսութիւն

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ.-
➢ Սահմանել «հերոսութիւն» եզրը եւ հերոսը բնութագրող յատկանիշները։
➢ Ներկայացնել հայ ժողովուրդի պատմութենէն ( չորս  տարբեր Ժամանակաշրջաններէ) մէկական ազգային հերոս իր յատկանիշներով։

Կարդա >>
Ֆետային եւ Հայրենի Բնութիւնը

Ֆետային եւ Հայրենի Բնութիւնը

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
• Սահմանել «Ազատութիւն» բառը:
• Հասկնալ ֆետայական խումբերու կազմութեան պատճառներն ու նպատակը։
• Գտնել ֆետայական խումբերու ստեղծման եւ ազատութեան գաղափարին միջեւ կապը:
• Արծարծել մարդկային տառապանքներու եւ իրաւունքներու ոտնակոխման հանդէպ արդար մօտեցում ունենալու կարեւորութիւնը։

Կարդա >>
Հայոց Ոգին՝ Հայոց Խաչքարերը

Հայոց Ոգին՝ Հայոց Խաչքարերը

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
❖ Բացատրել խաչքարի կառուցման պատմականն ու ձեւը։
❖ Ներկայացնել խաչքարի կանգնեցման նպատակները։
❖ Նշել խաչքարի կարեւոր կէտերը։
❖ Սահմանել ամենափրկիչ խաչքարերը։

Կարդա >>
Գիտաերեւակայական Գրական Սեռի Ծանօթացում

Գիտաերեւակայական Գրական Սեռի Ծանօթացում

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
❖ Սահմանել «գիտաերեւակայական գրականութիւն» յղացքը։
❖ Ծանօթանալ արդի գիտաերեւակայական
գրականութեան «հայր»երուն (Ժիւլ Վեռն, Հըրպըրթ
Ուէլզ)։
❖ Զանազանել գիտականը երեւակայականէն։
❖ Կարենալ բացատրել, թէ ապագային, գիտական նոր նուաճումները ինչպիսի՛ ազդեցութիւն պիտի ունենան մարդկութեան վրայ։
❖ Հայերէն բառամթերքով արտայայտուիլ
գիտաերեւակայական նիւթի մը մասին։

Կարդա >>
Բռնութիւն

Բռնութիւն

Դասի աւարտին աշակերտը պիտի կարենայ.-
❖ Սահմանել բռնութիւն բառին եւ երեւոյթին իմաստը:
❖ Թուել եւ սահմանել բռնութիւն նկատուող արարքները:
❖ Թուել եւ բացատրել ճիշդ եւ սխալ արարքներ, որոնք
կրնան պատահիլ աշակերտներու առօրեայ կեանքին մէջ:

Կարդա >>
Ինչո՞ւ Եւ Ինչպէ՞ս Աղօթել

Ինչո՞ւ Եւ Ինչպէ՞ս Աղօթել

Այս դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
• Սահմանել աղօթք բառը։
• Արտասանել Տէրունական աղօթքը եւ բացատրել անոր
իմաստը։ (Գրաբար եւ աշխարհաբար)
• Բացատրել թէ ինչո՛ւ կարեւոր է աղօթքը։
• Նշել թէ ինչո՛ւ, ինչպէ՛ս եւ որո՛ւ կ՚աղօթենք։

Կարդա >>
Հետազօտութեան Հմտութիւններ

Հետազօտութեան Հմտութիւններ

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
• Իր նախընտրած նիւթին կամ իրմէ պահանջուած ծրագրին մասին անհրաժեշտ տեղեկութիւնները փնտռել ու գտնել:
• Ճշգրիտ եւ վաւերական տեղեկութիւնները ընտրել։
• Իր գտած տեղեկութիւններէն կարեւորագոյն կէտերը քննել եւ ընտրել։
• Նախագիծ (draft) եւ ուրուագիծ (outline) պատրաստել։
• Որոնումի արդիւնաւէտ ձեւերը ճանչնալ։

Կարդա >>

Ընկերային Ցանցեր

Օգտագործուած