Դասանիւթեր - 12 – 13 Տարեկան

Առցանց Տեսախաղեր

Մտիկ Ընել

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-

❖ Կեդրոնացած հետեւիլ ձայնագրութեան։
❖ Վերյիշել ու արտագրել ձայնագրութեան մէջ լսած ու զինք տպաւորած բառերն ու արտայայտութիւնները։
❖ Ամփոփել իր լսածը։
❖ Գրութեամբ մը տալ իր տեսակէտը տուեալ նիւթին շուրջ։

Կարդա >>
Համբարձում

Համբարձում

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-

❖ Ըմբռնել եւ բացատրել ծէսին նշանակութիւնն ու կարեւորութիւնը։
❖ Սորվիլ եւ վերարտադրել Համբարձման ծէսին երգերն ու պարերը։
❖ Բացատրել Համբարձման տօնին ծիսական պայմանները, անոր խորհուրդն ու պատրաստման եղանակը:

Կարդա >>
Կոյր Բարտիմէոսի Բժշկութիւնը

Կոյր Բարտիմէոսի Բժշկութիւնը

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
❖ Վերլուծել Աստուծոյ հաւատալու եւ անոր կամքին համաձայն գործելու երեւոյթները:
❖ Հաստատել հաւատքի արդիւնք ձեռք ձգուած իրագործումները եւ անոր գործնականացման ընդմէջէն քաղուած «պտուղին» օգուտները։
❖ Զատորոշել տարբերութիւնը հաւատալուն ու հաւատքը գործով դրսեւորող արարքներուն միջեւ:

Կարդա >>
Արտաշէս Ա.

Արտաշէս Ա.

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ.

❖ Արժեւորել Արտաշէս Ա.ի Հայաստանի տարածքներուն միաւորման գործունէութեան կարեւորութիւնը։
❖ Վերլուծել Արտաշէսի վարած քաղաքականութիւնը եւ անոր արդիւնքները։
❖ Կարդալ եւ մեկնաբանել ժողովրդային ժառանգութեան մասնիկներէն՝ «Գողթան երգեր»ը:

Կարդա >>
Որակական Ածական

Որակական Ածական

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
❖ Ճանչնալ ածականները, նախադասութեան մէջ անոնց պաշտօնն ու գործածութիւնը։
❖ Ճիշդ ածականները գործածել տուեալ գոյականներ նկարագրելու համար։
❖ Ածականները ճիշդ գործածել գրաւոր եւ բանաւոր արտայայտութիւններուն մէջ։
❖ Զանազանել ածականներուն երկու պաշտօնները՝ որոշիչ եւ ստորոգելի։
❖ Կազմել ածականներուն պահանջուած պաշտօնով նախադասութիւններ:

Կարդա >>
Հիմնական Սննդանիւթեր

Հիմնական Սննդանիւթեր

Դասի աւարտին, Աշակերտը պիտի կարենայ․-
– Սահմանել սննդագիտութիւն (nutrition), սնուցիչներ (nutrients) եւ ջերմուժ (calorie) յղացքները։
– Հասկնալ սնուցման կարեւորութիւնը հիւանդութիւններէ պահպանուելու համար։
– Վերլուծել, որ սննդեղէնի ընտրութեան վրայ կ’ազդեն անհատական նախասիրութիւնները եւ միջավայրի ազդեցութիւնները։
– Ծանօթանալ սնուցիչներուն հիմնական տեսակներուն։
– Ճիշդ ուտելու եղանակի եւ ուտելիքի առողջ ընտրութիւններ կատարել։
– Սննդեղէններու հաւասարակշրուած ծրագիր մը պատրաստել։

Կարդա >>
Ընկերասիրութիւն

Ընկերասիրութիւն

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
❖ Սահմանել ընկերասիրութիւն յղացքը:
❖ Թուել եւ սահմանել լաւ ընկեր մը ըլլալու յատկութիւնները:
❖ Տալ ընկերասիրութեան օրինակներ եւ գործնապէս արտայայտել զանոնք:

Կարդա >>
Հայկական Առածներ / Ասոյթներ

Հայկական Առածներ / Ասոյթներ

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
• Գիտակցիլ, որ իւրաքանչիւր մանուկ ունի իրաւունքներ:
• Արժեւորել մանուկներու իրաւունքներու գոյութեան անհրաժեշտութիւնը:
• Թուել եւ բացատրել հիմնական տասը իրաւունքներ:
• Մշակել եւ ծրագրել քայլեր՝ առնչուած մանուկներու իրաւունքներու կիրարկումին:

Կարդա >>
Հայաստանի Մայրաքաղաքները

Հայաստանի Մայրաքաղաքները

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
• Թուել Հայաստանի 12 մայրաքաղաքներուն անունները:
• Մատնանշել մայրաքաղաքները քարտէսին վրայ:
• Զարգացնել իր հետազօտական-վերլուծական, կարողութիւններն ու հմտութիւնները:
• Զուգահեռներ ընել անցեալի մայրաքաղաքներուն եւ անոնց ներկայ վայրերուն միջեւ

Կարդա >>
manougnerou-iravounkner

Մանուկներու Իրաւունքները

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
• Գիտակցիլ, որ իւրաքանչիւր մանուկ ունի իրաւունքներ:
• Արժեւորել մանուկներու իրաւունքներու գոյութեան անհրաժեշտութիւնը:
• Թուել եւ բացատրել հիմնական տասը իրաւունքներ:
• Մշակել եւ ծրագրել քայլեր՝ առնչուած մանուկներու իրաւունքներու կիրարկումին:

Կարդա >>

Ընկերային Ցանցեր

Օգտագործուած