Դասանիւթեր - Hayavant

Պահքը

Պահքը

Այս դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
• Սահմանել պահք/պահեցողութիւն յղացքը։
• Բացատրել թէ ո՛վ եւ ինչպէ՛ս հաստատած է Մեծ Պահքը։
• Նշել պահեցողութեան նպատակն ու արժէքը։
• Ներկայացնել պահեցողութեան կարեւորութիւնը։

Կարդա >>
Յիսուսի Առաքեալները

Յիսուսի Առաքեալները

Այս դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
• Սահմանել առաքեալ բառը։
• Թուել Քրիստոսի առաքեալներուն անունները։
• Բացատրել առաքեալներուն ընտրութեան պատճառը։
• Թուել Քրիստոսի կողմէ առաքեալներուն տրուած իշխանութեան օրինակներ։

Կարդա >>
Յիսուս Փոթորիկը կը խաղաղեցնէ

Յիսուս Փոթորիկը Կը Խաղաղեցնէ

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
➢ Քննարկել եւ վերլուծել, թէ ի՛նչ կը նշանակէ «Աստուծոյ ապաւինիլ»:
➢ Վերլուծել եւ եզրակացնել, թէ Աստուծոյ հանդէպ անհատի մը ունեցած հաւատքը ինչպիսի քաջալերական դեր կրնայ խաղալ առօրեայ կեանքի մէջ։

Կարդա >>
Ներառական Կրթութիւն

Ներառական Կրթութիւն

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
❖ Սահմանել «Ներառական Կրթութիւն» յղացքը:
❖ Եզրակացնել, որ յատուկ կարիքներ ունեցող իւրաքանչիւր երեխայ արժանի է յարգանքի, սիրոյ եւ գուրգուրանքի:
❖ Եզրակացնել, որ յատուկ կարիքներ ունեցող իւրաքանչիւր երեխայ մաս կը կազմէ մեր ընկերութեան եւ իր ներդրումը կ՚ունենայ հաւաքական կեանքին մէջ:
❖ Ծրագրել եւ իրականցնել քայլեր, որոնք առնչուած են յատուկ կարիքներ ունեցող երեխաներու պաշտպանութեան եւ հոգատարութեան:

Կարդա >>
Ժամանակի Տնօրինում

Ժամանակի Տնօրինում

Դասի աւարտին աշակերտը պիտի կարենայ.-
– Անդրադառնալ ժամանակի տնօրինման կարեւորութեան իր առօրեայ կեանքին մէջ:
– Ճշդել ռազմավարութիւններ ժամանակի արդիւնաւէտ կարգաւորման համար:

Կարդա >>
Թափօններու Վերամշակում

Թափօններու Վերամշակում

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ-
❖ Սահմանել թափօն բաոը։
❖ Թուել տարբեր ձեւեր տարբեր տեսակի թափօններէ ձերբազատելու։
❖ Զարգացնել լսողական աշխատանքի հմտութիւնները։
❖ Զարգացնել խմբային աշխատանքի հմտութիւնները։ (Յաւելուած 1)
❖ Զարգացնել իր քննական միտքը։
❖ Մշակել թափօնները ըստ տեսակի բաժնելու ծրագիր մը։
❖ Առաջարկել գաղափարներ՝ նուազեցնելու համար թափօններու քանակը։
❖ Մշակել ծրագիր մը, որ լուծում կ՚առաջադրէ թափօններու վերաբերող այժմէական հարցի մը։
❖ Իր սորվածը գործնական ձեւով կիրարկել առօրեայ կեանքէն ներս:

Կարդա >>
Երջանկութիւն

Երջանկութիւն

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
❖ Մտիկ ըրած հատուածին կարեւոր կէտերը արձանագրել (to take notes)։
❖ Հատուածին նիւթին առնչուող կարեւոր բառամթերքը արտաբերել։
❖ Պատասխանել կարճ հարցումներու, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններ ամբողջացնել ճշգրիտ տուեալներով։
❖ Գրել լաւ շարադրուած գրութիւն մը՝ երջանկութեան մասին։

Կարդա >>
Երկրաշարժ

Երկրաշարժ

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ՝
❖ Սահմանել, թէ ի՛նչ է երկրաշարժը։
❖ Թուել անոր պատճառներն ու հետեւանքները:
❖ Բացատրել, թէ ինչպէ՛ս կը չափեն եւ կը դասակարգեն երկրաշարժերը։
❖ Բացատրել երկրաշարժերուն նախազգուշական քայլերը եւ երկրաշարժի ժամանակ անվտանգ մնալու ձեւերը:

Կարդա >>
Դրական Հաղորդակցութիւն

Դրական Հաղորդակցութիւն

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
❖ Սահմանել շինիչ եւ վիրաւորական խօսքերու տարբերութիւնը։
❖ Բացատրել վիրաւորական խօսքերուն յուզական եւ հոգեբանական ազդեցութիւնը անհատներուն վրայ։
❖ Թուել վիրաւորական խօսքերու կանխարգիլման եւ անոնց դէմ պայքարելու ձեւեր։
❖ Կիրարկել վարուելակերպային եւ արտայայտութիւններու փափկանկատ եւ ուշադիր ընթացք՝ դրական եւ կարեկից միջավայր մը ստեղծելու միտումով։

Կարդա >>
Դերբայներ

Դերբայներ

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
❖ Ճանչնալ դերբայներն ու անոնց տեսակները։
❖ Դերբայներ գործածելով մտքեր արտայայտել եւ գրաւոր նախադասութիւններ կազմել։
❖ Նախադասութիւններուն մէջ ճանչնալ դերբայական դարձուածքները եւ կարենալ զանոնք վերածել ստորադաս նախադասութիւններու։

Կարդա >>

Ընկերային Ցանցեր

Օգտագործուած