Դասանիւթեր - Hayavant

Սուրբ Սարգիս

Սուրբ Սարգիս

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
❖ Ներկայացնել Սուրբ Սարգիսին կենսագրական գիծերը։
❖ Բացատրել անոր սրբութեան հետ առնչուած դէպքը։
❖ Թուել երեք երկիրներ եւ Հայաստանէն երեք շրջաններ, ուր կառուցուած են Սուրբին նուիրուած եկեղեցիներ։
❖ Ներկայացնել Սուրբ Սարգիսի տօնին նուիրուած հայկական երեք սովորութիւն։
❖ Նշել Սուրբին ունեցած արժէքը հայութեան համար:

Կարդա >>
Մեծ Խնճոյք

Մեծ Խնճոյքին Առակը

Այս դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
➢ Քննարկել թէ ի՛նչ են Աստուծոյ հրաւէրին ընդառաջելու պայմանները:
➢ Բաղդատել «կարեւոր» թուացող աշխարհիկ երեւոյթները Աստուածահաճոյ ապրելակերպին հետ եւ անդրադառնալ վերջինին առաջնահերթ բնոյթին:
➢ Հաստատել թէ Աւետարանին մէջ յիշուած հրաւէրը ամէն անհատի ուղղուած է եւ թէ անձը ունի անոր ընդառաջելու ազատ կամք։

Կարդա >>
Երգիծաբանութիւն

Երգիծաբանութիւն

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
❖ Սահմանել երգիծաբանութիւնը։
❖ Գիտնալ երգիծաբանին յատկանիշները։
❖ Ճանչնալ արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ երգիծաբաններ (Յակոբ Պարոնեան, Երուանդ Օտեան եւ Նշան Պէշիկթաշլեան)։
❖ Բաղդատական մը կատարել անոնց գործերուն միջեւ։
❖ Առօրեայ կեանքէն երգիծաբանական պատկեր մը ստեղծագործել։

Կարդա >>
Մարզանք եւ Սիրտի Առողջութիւն

Մարզանք եւ Սիրտի Առողջութիւն

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
❖ Սահմանել սիրտին պաշտօնը։
❖ Շօշափելով գտնել բազկերակը։
❖ Չափել սիրտի զարկերու/կծկումներու կշռոյթը։
❖ Բանաձեւել փորձարկելի վարկած մը։
❖ Փորձեր կիրարկել տուեալներ ստանալու համար։
❖ Վերլուծել գտած տուեալները։
❖ Բանաւոր ձեւով ներկայացնել իր տուեալները։
❖ Բացատրել սիրտին, արեան եւ շնչառութեան միջեւ կապը։
❖ Զարգացնել խմբային աշխատանքի հմտութիւններ։
❖ Եզրակացնել թէ ինչո՛ւ մարզիկներու սիրտի զարկերու/ կծկումներու կշռոյթը նուազ կ՛ըլլայ քան սովորական անձինը։
❖ Ինքնարժեւորում մը կատարել իր սորվածին փորձառութեան։

Կարդա >>
Հայ Գիրերու Գիւտը

Հայ Գիրերու Գիւտը

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
Բացատրել եւ վերլուծել թէ պատմական ինչ պայմաններու տակ ստեղծուեցան Հայոց գիրերը:
Պարզաբանել, թէ ինչո՛ւ Ե. դարը Ոսկեդար կոչուեցաւ։
Արժեւորել գիրերու գիւտին նշանակութիւնը գրականութեան, Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան եւ այլ բնագաւառներու մէջ:

Կարդա >>
Կիլիկիա

Կիլիկիա

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
1. Քարտէսին վրայ ցոյց տալ Կիլիկեան Հայաստանի տարածքը, աշխարհագրական բաժանումը եւ գլխաւոր քաղաքները:
2. Բացատրել դէպի Կիլիկիա հայերու հոսքին դրդապատճառները:
3. Վերլուծել աշխարհագրական դիրքին առանձնայատկութիւններըեւ ճշդել, թէ անիկա որքանո՛վ ազդած է Կիլիկիոյ հայերուն առօրեայ կեանքին վրայ:
4. Ճանչնալ պատմամշակութային գլխաւոր կոթողները,մատենագիրներն ու մանրանկարիչները:

Կարդա >>
Ազնաւուր Լեզու

Ազնաւուր Լեզու

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
➢ Տեղեկատուական յուշագրական հատուած մը կարդալու հմտութիւնը զարգացնել:
➢ Տեղեկահաւաք կատարել:
➢ Հատուածը վերապատմել։
➢ Զեկուցում մը պատրաստել Ազնաւուրի մասին՝ նոր տեղեկութիւններով:

Կարդա >>
Կերպընկալ

Կերպընկալ

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
❖ Ստուգաբանել «կերպընկալ» բառը եւ կռահել անոր իմաստը։
❖ «Կերպընկալ» բառը գործածել իմաստալի նախադասութեան մը մէջ։
❖ Թուել բնութեան մէջ «կերպընկալ»ի գործածութեան առնուազն չորս ժխտական ազդեցութիւններ։
❖ Թուել իր առօրեային մէջ «կերպընկալ»ը փոխարինող այլ նիւթեր, որոնք կը նպաստեն ապականումի նուազումին։

Կարդա >>
Մտիկ ընել-խօսիլ

Մտիկ Ընել-Խօսիլ

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
❖ Կեդրոնացած մտիկ ընել։
❖ Յարգանք ցոյց տալ խօսողին հանդէպ։
❖ Յստակացում պահանջող հարցումներ հարցնել։
❖ Հակազդել լսածին։
❖ Մտիկ ընելու հմտութիւնը զարգացնել։
❖ Քննարկում կատարել եւ կարծիք արտայայտել։
❖ Խմբային աշխատանքներու մէջ գործակցիլ։
❖ Բանաւոր ներկայացում կատարել։

Կարդա >>
Տաղաւար Տօներ

Տաղաւար Տօներ

Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
❖ Գիտակցիլ, որ ծէսերու կատարման գլխաւոր նպատակներէն մէկը ազգային մշակութային արժէքներու պահպանումն է:
❖ Արժեւորել, որ տօներուն նպատակը միայն հանդիսութիւններ կազմակերպելը չէ։ Տօները ունին ե՛ւ ուսուցողական ե՛ւ դաստիարակչական նշանակութիւն։ Իւրաքանչիւր տօն ունի իր խորհուրդը, իմաստն ու նշանակութիւնը, պատգամը եւ աւանդութիւնը։
❖ Անդրադառնալ, որ անոնք անհատական հաւաքական կեանքի մէջ որոշիչ դեր կը կատարեն եւ ժողովուրդ մը ամուր է իր արմատներով, լեզուով եւ մշակոյթով:

Կարդա >>

Ընկերային Ցանցեր

Օգտագործուած