Դասանիւթ․- Հայ Միտքի Արժէքներ
Նիւթ․- Անանիա Շիրակացի
Տարիք․- 12-13
Պատրաստող ուսուցիչ.- Սեւան Դանիէլեան- Մկրեան
Ե- նամակ՝ sevan.megerian@hayavant.com
Հիմնաւորում․-
Համաշխարհային իմաստով մեծ է Անանիա Շիրակացիին դերը, յատկապէս՝ գիտութեան եւ մշակոյթի բնագաւառներուն մէջ, իսկ Հայաստանի մէջ, ան կը նկատուի բնական գիտութիւններու հիմնադիր։ Այս նիւթին ընդմէջէն, պատանին առիթը կ՚ունենայ ծանօթանալու հայ ակնառու գիտնականին, հայ միտքի եւ լոյսի մշակին ու թուաբանագէտին կեանքին եւ արժեւորելու անոր տարած գործունէութիւնը:
Նպատակակէտեր․-
Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
❖ Ճանչնալ Անանիա Շիրակացիի կեանքը ու ներկայացնել անոր գործունէութեան հիմնական մարզերը:
❖ Յստակ պատկերացում ունենալ Շիրակացիի աշխարհահայեացքին մասին:
❖ Արժեւորել Անանիա Շիրակացիին գործն ու ձեռքբերումները՝ իբրեւ Է. դարու գիտնական:
Ամբողջ դասը և անոր կապուած յաւելուածները տեսնելու և ներբեռնելու համար անվճար արձանագրուէ՛ այս հարթակին։