Դասանիւթ․- Արհեստագիտութիւն / Գիտութիւն
Նիւթ․- Թափօններու Վերահսկում
Տարիք․- 14-15
Պատրաստող ուսուցիչ․- Լիւսի Տօնիկեան Գույումճեան
Ե-նամակ՝ lucy.kouyoumjian@hayavant.com
Հիմնաւորում․-
Մարդկային գործունէութենէ յառաջացած թափօնները բազմաթիւ վտանգներ կը ներկայացնեն մեր շրջակայ միջավայրին, առողջութեան եւ բարեկեցութեան։ Թափօններու վերահսկումը (waste management) կը պահանջէ մեր գործուն մասնակցութիւնը։
Այս դասին ընդմէջէն, պատանիները կը գիտակցին, թէ երբ իրենք որդեգրեն թափօնները վերամշակելու սկզբունքը, անոնք կրնան ո՛չ միայն մեղմել վտանգները, այլ նաեւ՝ ճանապարհը հարթել յաջորդ սերունդներուն համար աւելի մաքուր, առողջ եւ կայուն ապագայի մը դիմաց։
Նպատակակէտեր․-
Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ՝
❖ Սահմանել թափօն բաոը։
❖ Թուել տարբեր ձեւեր տարբեր տեսակի թափօններէ ձերբազատելու։
❖ Զարգացնել լսողական աշխատանքի հմտութիւնները։
❖ Զարգացնել խմբային աշխատանքի հմտութիւնները։ (Յաւելուած 1)
❖ Զարգացնել իր քննական միտքը։
❖ Մշակել թափօնները ըստ տեսակի բաժնելու ծրագիր մը։
❖ Առաջարկել գաղափարներ՝ նուազեցնելու համար թափօններու քանակը։
❖ Մշակել ծրագիր մը, որ լուծում կ՚առաջադրէ թափօններու վերաբերող այժմէական հարցի մը։
❖ Իր սորվածը գործնական ձեւով կիրարկել առօրեայ կեանքէն ներս։
Ամբողջ դասը և անոր կապուած յաւելուածները տեսնելու և ներբեռնելու համար անվճար արձանագրուէ՛ այս հարթակին։