Դասանիւթ․- Հայերէն
Նիւթ․- Թմրամոլութիւն
Տարիք․- 13-15
Պատրաստող ուսուցիչ․- Լիւսի Տօնիկեան-Գույումճեան
Ե-նամակ.- lucy.kouyoumjian@hayavant.com
Հիմնաւորում․-
Թմրամոլութիւնը այս դարու պատանիներուն եւ երիտասարդներուն սպառնացող վտանգներէն մէկն է։ Հետեւաբար, պատանի-աշակերտներուն մօտ արթնութիւն ստեղծելու համար, անհրաժեշտ է զանոնք օժտել նոր գիտելիքներով, որպէսզի պատրաստ ըլլան կանխարգիլերու թմրամոլութեան վտանգը։
Նպատակակէտեր․-
Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ՝
❖ Թուել թմրեցուցիչներու՝ ըստ ծագումի՝ երեք խումբերը ։
❖ Թուել երեք տուեալներ, որոնց հիման վրայ նիւթ մը իբր թմրեցուցիչ կը դասուի։
❖ Թուել թմրեցուցիչներու երեք հետեւանքներ, որոնք ազդեցութիւն կ՚ունենան ջղային համակարգին վրայ։
❖ Նշել թմրեցուցիչէ յառաջացած առնուազն երեք վտանգներ։
❖ Առաջարկել նախազգուշական քայլեր հեռու մնալու թմրեցուցիչի գործածութենէ։
❖ Զարգացնել արդիւնաւէտ խմբային աշխատանք տանելու հմտութիւնը։
Ամբողջ դասը և անոր կապուած յաւելուածները տեսնելու և ներբեռնելու համար անվճար արձանագրուէ՛ այս հարթակին։