Դասանիւթ․- Հայոց Պատմութիւն
Նիւթ․- Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն
Տարիք․- 13-14 տարեկան.
Պատրաստող ուսուցիչ․- Սրբուհի Սարգիս-Ճենանեան
Ե-նամակ՝ serpoug.sarkis@hayavant.com
Հիմնաւորում․-
▪ Սփիւռքահայ աշակերտը պէտք է ճանչնայ իր պատմութեան փառաւոր էջերէն մէկը, որուն շնորհիւ հայ ժողովուրդը կը գոյատեւէ իր պատմական հայրենիքին մէկ մասին մէջ եւ որուն շնորհիւ առկայ է այսօրուան անկախ Հայաստանը:
▪ Սոյն նիւթի արծարծումը կ՚ամրապնդէ աշակերտին մօտ այն համոզումը, որ հզօր կամքն ու հաւատքը նախապայման են յաղթանակներ արձանագրելու եւ գոյատեւելու, նոյնիսկ ամենադժուար մարտահրաւէրներուն դիմաց, ինչիպիսին էր Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան կերտման պարագան:
Նպատակակէտեր․-
Դասի աւարտին, աշակերտը պիտի կարենայ․-
▪ Բացատրել Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութեան պատմական հանգրուանները:
▪ Նշել այդ օրերու Հայաստանի դիմագրաւած դժուարութիւնները:
▪ Ճանչնալ շրջանի աշխարհագրութիւնը:
▪ Վերլուծել շրջանի ժողովուրդներուն որդեգրած քաղաքական ուղղութիւնը:
▪ Նմանութիւններ գտնել այդ օրերու պատահած դէպքերուն եւ մերօրեայ իրադարձութիւններուն միջեւ։
▪ Արժեւորել Արամ Մանուկեանի վճռական պատգամն ու անոր անդրադարձը հայութեան ճակատագրին վրայ:
▪ Թուել 1918ի երեք ճակատամարտերուն եւ անոնց հրամանատարներուն անունները:
▪ Արժեւորել Առաջին Հանրապետութեան կարեւոր նշանակութիւնը հայ ժողովուրդին համար:
▪ Նշել եւ բացատրել նորանկախ Հայաստանի դժուարութիւնները:
Ամբողջ դասը և անոր կապուած յաւելուածները տեսնելու և ներբեռնելու համար անվճար արձանագրուէ՛ այս հարթակին։